2014-04-15 10:17:17

Սուրբ Շաբաթը` աւագ Երկուշաբթի եւ աւագ Երեքշաբթի։


Աւագ Երկուշաբթին նուիրուած է աշխարհի՝ երկնքի և երկրի արարչագործութեան: Առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին աւետարանական
ընթերցումները կը յիշատակեն «Անիծուած թզենիին» պատմութիւնը, երբ Յիսուս, Բեթանիայէն Երուսաղէմ վերադարձին, անէծքով չորցուց անպտուղ թզենին՝ ըսելով. «Եւ աղօթած ատեն ինչ որ հաւատալով խնդրէք՝ պիտի ստանաք»: (Մատթ., 21.22)։
Յիսուս անիծելով տերևներով զարդարուած, բայց անպտուղ թզենին՝ փարիսեցիներուն կ’ակնարկէր, ովքեր արտաքին բարեպաշտութեամբ զարդարուած էին, սակայն չունէին այդ բարեպաշտութեան հոգևոր պտուղը՝ բարի գործերը և ողորմածութիւնը:
Պտուղը այլաբանօրէն կը խորհրդանշէ մարդկային բարի գործերն ու առաքինութիւնները, որոնցմէ զուրկ մարդը կը պատժուի այս թզենիի օրինակով: Ինչպէս կ’ըսէ Ս. Յակոբոս առաքեալը` «Առանց գործերու հաւատքը անօգուտ է» (Յակոբոս, 2.20)։
Աւագ Երկուշաբթի օրը չորցած թզենիի յիշատակն է։ Քրիստոս Իր գործունէութեամբ բոլորին կը բուժէր և կեանք կը պարգեւէր, սակայն միայն մէկ անգամ ան Իր զօրութիւնը գործածեց չորցնելու համար թզենին՝ ցոյց տալու համար, որ Իր խօսքը կենդանարար է, Ինքն ալ կը կենդանացնէ, բայց նաև կը դատէ։ Քրիստոս չորցուց կանաչ թզենին և բուժեց չորցած ձեռքը։ Քանի որ կը մօտենային Իր չարչարանքները, Քրիստոս թզենին չորցուց, որպէսզի առաքեալները չմտածէին, թէ Իր ուժերու թուլութեան պատճառով էր, որ չարչարանքներու մատնուեցաւ։ Քրիստոս թզենին չորցուց նաև ցոյց տալու համար, որ Իր գալուստով այլևս պէտք չեն թզենիի տերևները, որոնցմով Ադամ կը ծածկէր իր մերկութիւնը, և որոնք կը ծառայէին իբրև ամօթի և խայտառակութեան ծածկոց։ Այս օրուան մէջ Յիսուս նաեւ մաքրագործեց տաճարը:
Աւագ Երեքշաբթին ներքին ձեւով կապուած է նախորդ օրուան հետ. ան կ’ակնարկէ որ մեր առաքինի գործերու պտուղներով հոգեպէս պէտք է պատրաստ ըլլանք Քրիստոսի երկրորդ գալստեան, այլապէս կը չորնանք թզենիին պէս և երկնքի արքայութենէն դուրս կը մնանք հինգ յիմար կոյսերու նման: Օրուայ աւետարանական ընթերցուածը կը պատմէ «Տասը կոյսերու» առակը (Մատթ., 25.1-13)։ Այս առակը հինգ իմաստուն և հինգ յիմար կոյսերու պատմութեամբ կը պատգամէ պատրաստ ըլլալ Տիրոջ գալստեան։
Աւագ Երեքշաբթի, երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին եկեղեցւոյ ատեան կու գան տասը կոյսեր։ Անոնցմէ հինգը, ձեռքերնին պահած ունենալով վառող մոմեր, կը խորհրդանշեն իմաստուն կոյսերը, իսկ միւս հինգը՝ մարած մոմերով` յիմար կոյսերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.